2010-03-24 13:54:55

Էջ մը հայ գրականութենէն`


«Հայկական Ֆութուրիզմ»։
Հարիւր տարի Ֆութուրիզմի շարժումէն ետք, վերջերս Երեւանի մէջ Սարգիս Խաչենց Փրինթինֆոյի միջոցաւ լոյս տեսաւ «Հայկական Ֆութուրիզմ» գիրքը, հեղինակութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի: 617 էջնոց այս ծաւալուն գիրքը արդիւնքն է տարիներու աշխատանքի եւ ուսումնասիրութեան: Գրքի ներածութեան մէջ կը կարդանք. «ուրեմն՝ զիս հետաքրքրողը եղելութիւններու շարքը չէ, դրուագները, այլ խաղածիրը, տրամաբանութիւնը՝ որ ապագայապաշտութեան ընկալումը հայ գրականութեան մէջ կը վերածէ հերքումի մեքենայի, այսինքն՝ չընկալման կամ «չընկալող ընկալման»։ Ակնյայտ է մէկ բան. ապագայապաշտութիւնը միջազգային վերջին շարժումն է որ մեր գրականութեան մէջ խմբակներ կը ստեղծէ, չեմ ըսեր «հոսանք», «դպրոց»: Ասոնք՝ ըլլալու համար, պէտք ունին ժամանակի: Իսկ մեր գրականութեան պակսողը… այն հիմնական ազդակն է որ կը կոչուի հասունացում»։
Գիրքը բաժնուած է երեք մասերու, իւրաքանչիւր մաս բաղկացած է զանազան գլուխներէ: - Առաջին մասը յատկացուած է Պոլսոյ ապագայապաշտութեան, բաժնուած երեք գլուխներու՝ Գիսաստղը. Հրանդ Նազարեանց, Խորհրդապաշտութի՞ւն թէ՞ ապագայապաշտութիւն, եւ Ապագայապաշտ նշաններ:
- Երկրորդ մասը յատկացուած է Թիֆլիսի Հայկական Ֆուտուրիզմին, բաժնուած չորս գլուխներու՝ Ապագայապաշտ շշուկներ, Ի՞նչ է Ֆուտուրիզմը եւ Կարա Դարւիշ, Դէպի Հայկական Ֆուտուրիզմ, եւ Թովչանք ու վէպ:
- Երրորդ մասը, կ՛անդրադառնայ Երեւանեան Ֆուտուրիզմին, բաժնուած երեք գլուխներու՝ Նոր-ապագայապաշտութիւն, Երկեր Ֆուտուրիզմի շուքին, եւ Վերջին արար:
Վերջաբանը կը քննարկէ Աղէտը եւ Ապագայապաշտութիւնը:
Գիրքը նաեւ կը պարունակէ ծանօթագրութիւններ, անուանացանկ, մատենագիտութիւն, ինչպէս եւ համառօտագիր մը, թարգմանութեամբ Կ. Մ. Կօշկարեանի:
Ապագայապաշտութեան հանգանակի հրատարակութենէն մէկ տարի ետք, 1910ին, Հրանդ Նազարեանց զայն թարգմանեց Հայերէնի, որպէսզի այդ «դպրոցը» ծանօթացնէ հայ ընթերցողներուն։ Արդ, Գրիգոր Պըլտեան, ո՛չ թարգմանութեամբ, ո՛չ այդ «դպրոցը» ժամանակակից ընթերցողներուն ծանօթացնելու, այլ հայ գրականութեան թաքնուած ուրիշ մէկ խորքը պեղելու մտադրութեամբ է որ գիրքը կը ներկայացնէ ընթերցողներուն:
 








All the contents on this site are copyrighted ©.